Պոլսոյ մէջ պիտի վերաբացուի Գարթալի Սուրբ Նշան Եկեղեցին

By Asbarez | Tuesday, 28 July 2015

 

0000KARTAL


Պոլսոյ Գարթալի թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Նշան եկեղեցին վերանորոգուելէ ետք Օգոստոս 8ին պիտի բանայ իր դռները հաւատացեալներուն առջեւ:
Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան կայքի փոխանցումով, նման որոշում կայացուած էր Յուլիս 3ին՝ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի եւ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հանդիպման ժամանակ:


Քաղաքէն բաւական հեռու գտնուող եկեղեցին շուրջ երկու տարիէ ի վեր փակ էր, վերանորոգման պատճառով:

Հանդիպումին ընթացքին ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլուն եւ անոր ընկերները պատմած են, որ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտին հասած են, եւ Արամ արքեպիսկոպոսը հրաւիրած են բացումին:


comments

Advertisement