By Asbarez | Tuesday, 28 July 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Պրազիլի Ռիօ տէ Ժաներօ նահանգը Յուլիս 24ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլ 24ը սահմանած իբրեւ <<Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ զոհերու յիշատակման օր>>:
<<Աժենսիա Փրեսնա Արմէնիա>> լրատու գործակալութեան համաձայն՝ օրէնքին նախագիծը նահանգային խորհրդարան ներկայացուցած էր նահանգապետ Լուիշ Ֆերնանտու Պեժաօն:
Ռիօ տէ Ժաներօն Պրազիլի չորրորդ նահանգն է՝ Փարանա, Սաօ Փաուլօ եւ Սիարա նահանգներէն ետք, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Ամիսներ առաջ Պրազիլի Ծերակոյտը եւս Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ մը ընդունած էր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ