Հայաստան մարդկային շահագործման (Trafficing) դէմ աշխուժօրէն պայքարող երկիրներէն է

By Asbarez | Tuesday, 28 July 2015

0728traffic

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկոյցին մէջ ընդգրկուած մօտ 200 երկիրներէն միայն 31ը ներառուած են Tier 1 դասակարգին մէջ, որուն մէջ եղողները աշխոյժ կերպով կը պայքարին մարդու շահագործման դէմ: Այդ 31 երկիրներու կարգին են Հայաստանը, Աւստրալիան, Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան, Շուէտը, Գանատան, Հարաւային Քորէան, Թայուանը, Նիքարակուան Չիլին: Այս մասին կը յայտնէ <>ն:


Համաձայն այդ յօդուածին՝ ատիկա չի նշանակեր, որ տուեալ երկիրներուն մէջ մարդկային շահագործման երեւոյթներ չկան, սակայն անոնք առաւելագոյն ջանք ի գործ կը դնեն անոր դէմ պայքարելու համար, ինչպէս նաեւ կը համապատասխանեն Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան՝ համաձայն մարդկային շահագործման զոհերու պաշտպանութեան ուխտին:

27 Յուլիսին հրապարակուելիք զեկոյցին մէջ կ՛ուսումնասիրուին 188 երկիրներու կողմէ նուազագոյն չափանիշներուն համապատասխանելու համար գործադրուած ջանքերը: Զեկոյցը երկիրները կը բաժնէ ըստ Tier համակարգի: Tier 1ը ամէնէն աւելի կը համապատասխանէ չափանիշներուն, Tier 3ը ամէնէն ցած ցուցանիշն է, իսկ Tier 2ը՝ ամէնէն անկայուն դասակարգն է, քանի որ կը ներառէ այն երկիրները, որոնք բաւական ջանքեր չեն գործադրեր մարդկային շահագործման դէմ պայքարելու համար:


comments

Advertisement