«Եահու Թրեվըլ»ը՝ Գիւմրիի 75 տարուան կեանք ունեցող Վարսավիրանոցին մասին կը գրէ

By Asbarez | Tuesday, 28 July 2015

7db2761790910dd8462677e3f3c15aecd6aa84aa

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– <<Եահու Թրեվըլ>> ճամբորդութիւններու նշանաւոր կայքը հրապարակած է յօդուած մը Գիւմրիի մէջ արդէն 75 տարիէ ի վեր գործող վարսավիրանոցին մասին:

<<Այստեղ ամէն բան իրական է՝ վարսավիրները, կահաւորումը, սարքաւորումը, որոնք բոլորն ալ անփոփոխ մնացած են տասնամեակներ շարունակ: Կարմիր նստարաններով աթոռները այստեղ դրուած են արդէն 50 տարիէ ի վեր, իսկ գլխաւոր վարսավիրը կ՛աշխատի 60 տարիէ ի վեր: Խաչիկ Արիստակէսեան 84 տարեկան է>>, կը գրէ յօդուածագիր Կրեկ Քերակէօզեան:

 

 

e78d478b1c864bfbc58d1e09041374abc228a0aa

Ան նշած է, որ պատահաբար գտնուած է այդ վայրին մէջ՝ դիտել տալով, թէ հայու մը համար, որ երբեք չէ այցելած այս երկիրը, նման վարսավիրանոց մը անկասկած կենդանի թանգարան է, որ անփոփոխ մնացած է խորհրդային տարիներէն: Սակայն վարսավիրանոցի գլխաւոր հմայքը նոյնինքն իրենք՝ վարսավիրներն են, որոնք գիտեն Գիւմրին այնպէս, ինչպէս ուրիշ ոչ ոք: <<Մինչեւ օրս վարսավիրանոցը կը հանդիսանայ այնպիսի վայր մը, ուր մարդ ո՛չ միայն մազ կը կտրէ, այլ վայր մը, ուր կարելի է հանգստանալ՝ թերթ կարդալով, հանդիպիլ ընկերներու, ծխախոտ ծխել, ուր կարելի է երթալ որդիիդ ընկերակցութեամբ եւ ուր թնդացող ծիծաղը կրնայ հին պատերը շարժել>>, կը գրէ հեղինակը:

Վարսավիրանոցը <<վերապրած է>> երկրաշարժէն եւ ոչ մէկ փոփոխութեան ենթարկուած է 1982էն ետք։

Վարսավիրանոցի առաջարկած ծառայութիւններէն հեղինակը կ՛որոշէ սափրուիլը, որուն փոխարէն վարպետ Դաւիթը ոչ մէկ դահեկան կ՛առնէ, հակառակ հեղինակին պնդումներուն։

 

 


comments