By Asbarez | Thursday, 30 July 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Բրիտանական <<Կարտիըն>> թերթի Մերձաւոր Արեւելքի թղթակից Մարթին Չուլով, թրքական <<Պիր Կիւն>>ի թղթակիցին յայտնած է, որ թրքական իշխանութիւններուն եւ ահաբեկչական <<Իսլամական պետութեան>> միջեւ համագործակցութեան մասին փաստաթուղթերը յայտուած են ամերիկեան իշխանութեանց ձեռքը:
Չուլով պատմած է, որ ամերիկեան զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին <<Իսլամական պետութեան>> քարիւղի վաճառքի պատասխանատուին սպանութենէն ետք, գտնուած են մեծ թիւով թուղթէ եւ թուային փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտեն Անգարայի եւ <<Իսլամական պետութեան>> միջեւ համագործակցութիւնը:
Չուլով ըսած է, թէ Ամերիկա այդ փաստաթուղթերը շատ հաւանաբար պիտի չբացայայտէ աշխարհին, սակայն պէտք եղած ժամանակ զանոնք Թուրքիոյ դէմ որպէս խաղաթուղթ պիտի օգտագործէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ