By Asbarez | Friday, 31 July 2015
ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ Իրան պիտի պաշտպանէ շրջանին մէջ գտնուող անիրաւուածները, որոնց դէմ յարձակում կը գործուի, եւ <<միասնականութեամբ ու յարատեւութեամբ՝ ամբողջ շրջանը պիտի ձերբազատէ ահաբեկիչներէն>>, ապա աւելցուց. <<Շրջանին մէջ այլ հարցեր եւս կրնանք լուծել բանակցութեանց սեղանին շուրջ>>:
Ան յայտարարեց, որ իրանցի ժողովուրդը սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ խտրութիւն չի դներ:
Անդրադառնալով իր երկրին նկատմամբ օգտագործուող ամերիկեան սպառնալիքներուն՝ ան ըսաւ. <<Այն սեղանը, որուն ետեւէն ամերիկացի պաշտօնատարները կը խօսին, կտրուած ոտքերով է>>: Ռուհանի նշեց, որ Իրան ոչ միայն Քիւրտիստան նահանգը պիտի պաշտպանէ, այլեւ՝ Պաղտատը:
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ, Քուէյթի մէջ իր քուէյթցի պաշտօնակից Խալետ Համատ Սապահի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրն ու քուէյթեան իշխանութիւնները կը դիմագրաւեն հասարակաց մարտահրաւէրներ, զորս պէտք է համագործակցութեամբ դիմակայել: <<Մենք բաց ենք եւ մեր ձեռքը կ՛երկարենք այս շրջանի երկիրներուն հետ գործակցութեան համար>>, ըսաւ ան՝ աւելցնելով. <<Ոչ ոք կրնայ շրջանի այլ երկիր մը մեկուսացնել, եւ տարածաշրջանին մէջ ոչ ոք կրնայ փոխզիջումային լուծումի մը մասին մտածել՝ առանց շրջանի անդամներու ներկայութեան>>: Ան նշեց, որ Իրանի ուղղուած ամբաստանութիւնները սխալ են եւ անոնց նպատակը Իրանի եւ շրջանի երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը կանխարգիլելն է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ