Կը Փորձեն Հալէպը ծունկի բերել՝ անոր բնակիչները ջուրէ զրկելու միջոցով. Ասատ

By Asbarez | Friday, 31 July 2015

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սուրիական ժողովրդային կազմակերպութիւններու, արհեստակցական, առեւտուրի, հողագործութեան, ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան միութիւններու ներկայացուցիչներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը ներկայիս կը գտնուի ճակատագրական հանգրուանի մը մէջ, ուր միջին լուծումներ գոյութիւն չունին: Ան նշեց, որ ահաբեկչական արարքներու կշռոյթը կը բարձրանայ՝ մղելու համար սուրիացիները, որ ընդունին իրենց պարտադրուած պայմանները, կամ ամբողջացնելու համար Սուրիոյ քանդումը:


<<Կը փորձեն Հալէպը ծունկի բերել՝ ուղղակի յարձակումի, ռմբակոծման եւ անոր բնակիչները ջուրէ զրկելու միջոցով>>, ըսաւ Ասատ եւ նշեց, որ քաղաքական որեւէ կողմ, որ խոր կերպով ահաբեկչութեան վերջ տալու վրայ չի հիմնուիր, անիմաստ է:

Ան կոչ ուղղեց Արեւմուտքի մէջ յատկանշական փոփոխութիւններուն վրայ գրաւ չդնելու եւ Իրան-Վեցեակ համաձայնութիւնը նկատեց Իրանի իսկական յաղթանակը՝ նշելով, որ իրանցի ժողովուրդին միասնականութիւնն է, որ իրագործեց այդ յաղթանակը:

 

comments

Advertisement