Թուրքիոյ մէջ Քրտական յարձակումներու զոհ կ՛երթան առնուազն 4 Թուրք զինուորներ

By Asbarez | Friday, 31 July 2015

0730gazadar

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ Շըրնաք շրջանին մէջ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) զինեալները Յուլիս 30ին կրակ բացած են թուրք զինուորականներու վրայ՝ սպաննելով առնուազն երեք թուրք զինուորներ։ Սպաննուած է նաեւ քիւրտ զինեալ մը:

Թուրքիոյ զինուորական հրամանատարութիւնը հաստատած է տեղի ունեցածը՝ աւելցնելով, թէ «ահաբեկիչներուն դէմ ռազմական գործողութիւնը կը շարունակուի»:

Նաեւ, Յուլիս 29էն 30 լուսցող գիշերը, Տիգրանակերտի զինուորական դիրքերէն մէկուն վրայ տեղի ունեցած քրտական յարձակումին զոհ գացած են թուրք զինուոր մը եւ քաղաքային մը։

Քիւրտ զինեալները Յուլիս 30ին նաեւ պայթեցուցած են Անգարայէն Թեհրան մեկնող գնացք մը, Պինկէօլի նահանգին մօտերը: Ըստ «Միլլիյէ»չի՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ իրականացուած պայթումին հետեւանքով, մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած:

Նշենք, որ նոյն օրը, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ստանձնած է Յուլիս 27ին, թուրք-իրանական կազատարին դէմ կատարուած յարձակումին պատասխանատուութիւնը։ Կազատարը Յուլիս 30ին վերսկսած է կազ փոխադրելու։


comments