Եւրոմիութիւնը կը ձգտի Իրանի հետ յարաբերութեանց մէջ նոր էջ մը բանալ

By Asbarez | Friday, 31 July 2015

0729EU Iran

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>>.- Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի այցելեց Թեհրան, ուր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Զարիֆի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ պատժամիջոցներու վերացումէն ետք Իրան պիտի օգտուի եւրոպական ներդրումներէն՝ համաձայնագիրը <<պատմական>> որակելով։ <<Եւրոմիութիւնը կը ձգտի Իրանի հետ յարաբերութեանց մէջ նոր էջ մը բանալ>>, յայտարարեց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Մոկերինիի՝ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան մը գոյացման շուրջ իր տարած ջանքերուն համար: <<Ներկայ ճգնաժամերը ոչ միայն շրջանին, այլ աշխարհին սպառնալիք են։ Ահաբեկչութիւնը շրջանին մէջ ստեղծեց անկայունութիւն մը, որ սկսաւ Եւրոմիութեան մէջ տարածուելու>>, ըսաւ ան։

 


comments