Ռիօ Տէ Ժաներոյի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը նախաձեռնած էր Ֆրանսիս Պօղոսեան

By Asbarez | Friday, 31 July 2015

 

 

0000RIO

 

Պրազիլիոյ Ռիօ տէ Ժաներօ նահանգի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկաւ Ճարտարագէտներու ակումբի (Clube de Engenharia) նախագահ Ֆրանսիս Պօղոսեան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Յակոբ Պօղոսեանի որդին, որ այդ քաղաքի հայկական համայնքի գործօն անդամ է: Այս մասին կը յայտնէ Պրազիլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Ճէյմզ Օննիկ Թամճեան:

Ըստ Agencia Prensa Armenia-ի՝ Ճարտարագէտներու ակումբը 1880ին հիմնադրուած կազմակերպութիւն է եւ աշխուժօրէն կը մասնակցի ազգային զարգացման քննարկումներուն:

Մայիսի 22ին, Ֆրանսիս Պօղոսեան պաշտօնական նամակ գրած էր Պրազիլիոյ արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Լուիս Վիէյրա Լակերին՝ կոչ ընելով Պրազիլիոյ պաշտօնապէս ճանչնալու հայոց ջարդերը որպէս ցեղասպանութիւն: Իբրեւ արդիւնք, Պրազիլիոյ փոխ-արտաքին գործոց նախարար Խորխէ Պիկիանի Յունուարին ներկայացուց օրինագիծը, որ վաւերացուեցաւ անցեալ շաբաթ:


comments

Advertisement