Երեք Եզիտի ընտանիք Էրպիլէն հասած է Հայաստան

By Asbarez | Saturday, 01 August 2015

0601yezidi

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– Իրաքի Շանկալ քաղաքի բնակիչ, ազգութեամբ եզիտի 14ամեայ Ատըլ Պեշար Շանկալի, որ իր ընտանիքին հետ հրաշքով փրկուած է <<Իսլամական պետութեան>> ոճրագործութիւններէն, ծնողներուն եւ եղբօրը հետ Էրպիլէն Հայաստան տեղափոխուած է քանի մը օր առաջ։ Սակայն Ատըլի ընտանիքի 5 անդամները՝ 3 քոյրերն ու 2 եղբայրները, տակաւին Էրպիլ կը գտնուին, անոնք չեն կրցած իրենց հետ գալ, քանի որ փաստաթուղթերու առնչուած հարցեր ունեցած են։ Ան իր ընտանիքի 9 անդամներուն հետ անձնական տան մէջ կ՛ապրէր բարեկեցիկ կեանք մը, խաղաղ ու երջանիկ, մինչեւ որ <<Իսլամական պետութիւն>>ը հասաւ նաեւ իրենց քաղաքը: Ան ականատես եղած է, թէ ինչպէս ծայրայեղ իսլամները առանց խնայելու կը սպաննէին եզիտիները՝ իր դրացիները, հարազատներն ու ընկերները։

<<Կը յիշեմ, թէ ինչպէս իսլամ ծայրայեղականները ոչ ոքի կը խնայէին, կը սպաննէին փոքրերը, ծերերը, կիները, տղամարդիկը կը գլխատէին։ Իմ հարազատներէս  քանի մը հոգի ալ գերի ինկաւ եւ սպաննուեցաւ։ Մենք հզօր զէնքեր չունէինք, որպէսզի կարողանայինք պայքարիլ ու փախուստ չտալ: Ի վերջոյ, իմ ընտանիքիս հետ կրցայ փախչիլ Շանկալի լեռներուն վրայով, ուր հազիւ կրցանք գոյատեւել>>, ըսած է ան:

Ըստ Ատըլի՝ ինչպէս իր ընտանիքը, այնպէս ալ հարիւրաւոր եզիտի ընտանիքներ՝ ձգելով իրենց տունը, հայրենի քաղաքը, ստիպուած ընտանիքներով փախչած են Շանկալի լեռներ, որոշ ժամանակ ետք տեղափոխուած են Սուրիա, եւ այնտեղէն ալ հասած են Թուրքիա: Ատըլի երազն է, որ Շանկալի վիճակը բարելաւուի ու կայունանայ, եւ ինք վերադառնայ հայրենի տուն։

<<Եթէ կարելի ըլլայ Հայաստանի մէջ կազմակերպել մեր կեանքը, կը մնանք հոս, սակայն կ՛ուզեմ, որ օր մը Շանկալի վիճակը կայունանայ եւ կրկին վերադառնամ հայրենիք՝ իմ օճախս: Այժմ մեզի համար կարեւորը այն է, որ հոս խաղաղ է, չկան իսլամ ծայրայեղականներ, մեզ սպաննողներ: Մեզի համար այժմ աշխատանք ունենալը այնքան ալ կարեւոր չէ, եթէ մեր կեանքին սպառնացողներ չկան, ուրեմն կ՛ապրինք: Տակաւին չհասայ Հայաստանը տեսնելու, սակայն սիրեցի այն գիւղը, ուր պիտի մնանք, Երեւանն ալ գեղեցիկ է։ Այս բոլորէն կարեւորը այն է, որ իսլամ ծայրայեղականներ չկան հոս>>, ըսած է ան:

Նշենք, որ 30 Յուլիսին <<Հայաստանի Սինջար եզդիներ>> միաւորման աջակցութեամբ Հայաստան տեղափոխուած են 3 եզիտի ընտանիքներ, որոնք կը բնակին Արմաւիրի մարզի Արաքս գիւղի տուներէն մէկուն մէջ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ բոլորին տուն տրամադրել:

Ընտանիքներուն օգնելու համար եզիտի համայնքը դրամահաւաք կազմակերպած է, ոմանք սնունդ յատկացուցած են:

 


comments

Advertisement