By Asbarez | Tuesday, 04 August 2015
ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>>.- Նկատի ունենալով, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը խորհրդարանական շարք մը քուէարկութիւններու, ներառեալ՝ ահաբեկչութիւնը ուսումնասիրող յատուկ յանձնախումբի ստեղծման առաջարկին հարցով Արդարութիւն եւ բարգաճաւում կուսակցութեան կողքին կանգնած է, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ երկու կուսակցութիւնները պիտի վերսկսին համախոհական կառավարութեան կազմութեան շուրջ իրենց բանակցութիւններուն:
Իր ղեկավարած կուսակցութեան նահանգային ղեկավարներու հետ ընդլայնուած հանդիպումին ընթացքին Տաւութօղլու յայտարարեց, որ մինչ պատուիրակութիւնները կը շարունակեն Հանրապետական ժողովուրդային կուսակցութեան հետ կառավարութիւն կազմելու բանակացութիւնները՝ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի վերսկսի իր բանակցութիւնները Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ:
Ան նշեց, որ այդ պարտականութիւնը վստահուած է աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու նախարար Ֆարուք Չելիքին:
Մինչ այդ, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի նշեց, որ իր կուսակցութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ կառավարութիւն պիտի կազմէ, եթէ քրտական հարցի լուծման հոլովոյթին վերջ տրուի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ