Արարատ լերան յարակից շրջաններու իրավիճակը լարուած է

By Asbarez | Tuesday, 04 August 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> -  Թուրքիոյ ոստիկանական եւ բանակային միաւորումներու ու քիւրտ զինեալներու միջեւ, վերջին օրերուն ռազմական թէժացած գործողութիւններու եւ յարձակումներու գլխաւոր թատերաբեմ դարձած Արարատ լերան յարակից շրջաններուն մէջ ոչ-պաշտօնական արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է:


<<Անատոլու>> գործակալութեան համաձայն՝ Արարատ նահանգի իշխանութիւնները Արարատ եւ Թոնդրակ լեռները 15 օրով յայտարարած են ռազմական ապահովական գօտի: Նահանգի իշխանութիւններու գրաւոր յայտարարութեան համաձայն՝ լեռներու տարածքին ռազմական գործողութիւններ պիտի կատարուին: Օգոստոս 4-19 ապահովական յատուկ գօտի պիտի դառնայ նաեւ Թունճելի (Տէրսիմ) նահանգը: Հակառակ այդ սահմանափակումներուն, թրքական զինուորական հաստատութիւններու վրայ յարձակումները կը շարունակուին. օրինակ՝ Օգոստոս 3ին, զինուած խումբ մը յարձակած է Պիթլիսի ռազմական հիւանդանոցին վրայ:

comments