By Asbarez | Tuesday, 04 August 2015
ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, <<Ռոյթըրզ>>, <<Մարմարա>>.- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ Թուրքիոյ բանակին կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու:
Տեմիրթաշ քննադատեց բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն երկիրը ներքաշել պատերազմի մը մէջ։ Ան խստիւ մեղադրեց իշխանութիւնները, նշելով, որ իշխանութիւններու կատարած <<պաշտպանութիւնը>> հայրենիքի պաշտպանութիւն չէ, այլ Էրտողանի պալատին պաշտպանութիւնն է, <<իշխանութեան գլուխ մնալու պաշտպանութիւնն է>>։
<<Դուն որո՞ւն զաւակը դէպի մահ կը ղրկես իշխանութեանդ պաշտպանութեան համար։ Այս զաւակները դիւրի՞ն կը մեծնան։ <<Եթէ պէտք ըլլայ, մենք մեր զաւակներն ալ կը զոհենք>> կ՛ըսեն, բայց անոնց բոլոր զաւակները հիւանդութեան տեղեկագիր առած են, տունը կը նստին ու դրամ կը համրեն։ Իսկ աղքատներու զաւակները կը սպաննուին ու դրօշակներու մէջ փաթթուած՝ հողին կը յանձնուին։ Դուք ալ ձեր զաւակները ղրկեցէք տեսնենք>>, ըսաւ Տեմիրթաշ։
Ան ցաւ յայտնեց, որ իշխանութիւնները կարեւորութիւն չտուին բանակցութեան սեղան նստելու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կոչին։ <<Դուք ընտրութիւնը կորսնցուցիք, իշխանութենէ ինկաք, սթափեցէք այլեւս>>, ըսաւ ան։
Տեմիրթաշ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ փորձեր կան Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը փակելու: <<Լսածիս համեմատ (Պուրհան) Քուզու, որ նախագահի խորհրդական նշանակուած է, կը ծրագրէ կուսակցութիւնը փակել նախքան այս տարուան աւարտը, ապահովելու համար, որ կուսակցութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առջեւ արգելք մը չըլլայ>>, նշած է Տեմիրթաշ:
Միւս կողմէ, Կիրակի օր, երկու թուրք զինուորներ սպաննուեցան եւ 31 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան Արարարատ նահանգին մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը կատարեցին: Անոնք յարձակում գործեցին Տողու Պայազիտի մէջ գտնուող զինուորական կեդրոնի մը դէմ: Մէկ օր առաջ Մարտինի մէջ տեղի ունեցած ականի մը պայթումին պատճառով թուրք զինուոր մը սպաննուած էր:
Մինչ այդ, թրքական բանակը հերքեց այն լուրերը, թէ հիւսիսային Իրաքի Զարքալէ գիւղին մէջ ռմբակոծած են քաղաքայիններ՝ նշելով, որ թիրախը քիւրտ զինեալներու մէկ թաքստոցն էր:
Նաեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական դիրքերուն դէմ թրքական յարձակումներուն վերաբերեալ Իրաքի կառավարութեան <<ժխտական>> կեցուածքը <<յուսախաբութիւն կը պատճառէ>>:
Յիշեցնենք, որ Իրաքի կառավարութիւնը այդ յարձակումները <<Իրաքի գերիշխանութեան դէմ վտանգաւոր ոտնձգութիւն>> նկատած էր:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան պատճառով իր երկրին եւ միջազգային հանրութեան ապահովութիւնը վտանգուած է: <<Դժբախտաբար սուրիական վարչակարգը իր ժողովուրդին դէմ պատերազմին մէջ կը դիմէ տարատեսակ ստոր միջոցներու, նախ եւ առաջ քիմիական զէնքերու, հեռահար հրթիռներու եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու>>, ընդգծեց Էրտողան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ