Փութին Թուրքիոյ սպառնացած է «մեծ Սթալինկրատ»ի վերածել Սուրիան

By Asbarez | Wednesday, 05 August 2015

Russia's President Vladimir Putin enters a hall for a meeting with Royal Dutch Shell CEO Ben van Beurden  in the Novo-Ogaryovo residence outside Moscow, on April 18, 2014. The chief executive of Anglo-Dutch energy giant Royal Dutch Shell Ben van Beurden met today President Vladimir Putin at his private residence, telling the Russian strongman that the company wanted to expand its operations in Russia. The European Parliament called on yesterday for the EU to reinforce sanctions on Russia over the Ukraine crisis and be prepared to target economic interests. AFP PHOTO/  POOL / MAXIM SHIPENKOV

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական <<Մոսկօ Թայմզ>> թերթը իր Օգոստոս 3ի թիւով հաղորդած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին զայրացկոտ հանդիպում մը ունեցած է թուրք դեսպան Ումիտ Եարտըմի հետ, նոյնիսկ ազդարարելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական կապերը կրնան խզուիլ, եթէ Անգարա շարունակէ նեցուկ կանգնիլ <<Իսլամական պետութեան>>։

Փութին նաեւ յանձնարարած է դեսպանին, որ իր <<մենատէր նախագահին>> փոխանցէ, թէ Թուրքիոյ համար <<մեծ Սթալինկրատ>>ի մը պիտի վերածէ Սուրիան, ակնարկելով այն քաղաքին, որուն դիմաց Հիթլեր պարտութիւն կրեց։

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Օգոստոս 3ին յայտարարած էր, թէ Փութին կը քննէ սուրիացի իր պաշտօնակիցէն ձերբազատուելու կարելիութիւնները:

 


comments