Քրտական ուժերը շարք մը գործողութիւններ կ՛իրականացնեն Թուրքիոյ տարածքին

By Asbarez | Wednesday, 05 August 2015

 

0805pkk


ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ, <<Ռոյթըրզ>> - Մինչ թրքական ռազմական օդանաւեր կը ռմբակոծէին հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դիրքերը, Թուրքիոյ զանազան շրջաններու մէջ, Օգոստոս 4ին յարձակումներ տեղի ունեցած են թրքական բանակային եւ ոստիկանական դիրքերուն վրայ:
Առաւօտեան ժամը 8ին, Շըրնաքի մէջ իրականացուած պայթումի մը հետեւանքով սպաննուած են առնուազն երեք թուրք զինուորներ եւ վիրաւորուած են երկու ուրիշներ։

Թրքական <<Միլլիյէ>>չ թերթը գրած է, որ քիւրտ զինեալներ Պինկէօլ-Քըղի ճամբուն վրայ պայթեցուցած են բանակային զրահամեքենայ մը, առանց մարդկային զոհեր խլելու։

Քիւրտ զինեալներ կրակ բացած են նաեւ Տիգրանակերտի Քուլփ գաւառի ոստիկանատան վրայ:


Նաեւ, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս-Էրզրում կազատարի մէկ հատուածը՝ Կարս նահանգի Սարըղամիշ շրջանին մէջ, վնասուած է պայթումի մը պատճառով, որ դարձեալ կը վերագրուի Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն։


comments