Թուրքիայէն Հայաստան գացած քաղաքապետները Ծիծեռնակաբերդ այցելեցին

By Asbarez | Wednesday, 05 August 2015

0805Kaghakabedner

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Համահայկական խաղերու բացման արարղութեան ներկայ գտնուելու նպատակով Երեւան գացած էին նաեւ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան քանի մը քաղաքներու քաղաքապետները։ Հիւրերը՝ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի եւ կոմիտէի անդամներու ուղեկցութեամբ, Օգոստոս 3ին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթող ու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու թանգարան։


Հիւրերու խումբին մաս կը կազմէին Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայա, Վանի համաքաղաքապետ Հաթիճէ Չոպան, Պիթլիսի քաղաքապետ Հիւսէյին Օլան, Մուտքիի քաղաքապետ Էօզճան Պիրլիք, Նորշէնի քաղաքապետ Էմին Էօզքան, Տիգրանակերտի Սուր քաղաքի քաղաքապետ Ֆաթմա Շըք Պարութ եւ այլ պաշտօնատարներ։
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նորաբաց ցուցասրահին մէջ հիւրերուն ներկայացուեցան բացառիկ ցուցանմոյշներ, լուսանկարներ եւ տարեգրութիւններ։ Այնուհետեւ պատուիրակները ծաղիկներ զետեղեցին եւ խոնարհեցան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ։
Այցի աւարտին, հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն եւ թանգարանի անձնակազմին՝ միջոցառումը կազմակերպելու գործին մէջ իրենց ներդրած ջանքերուն համար։


comments