Առաջին Քիւրտիստանը պիտի հիմնուի Թուրքիոյ տարածքին վրայ. Էտիպօղլու

By Asbarez | Friday, 07 August 2015

0805Ediboglu

ՊՈԼԻՍ.- Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն նախկին երեսփոխան Մեհմետ Ալի Էտիպօղլու յայտարարած է, որ Քիւրտիստանի առաջին պետութիւնը պիտի հիմնուի Թուրքիոյ տարածքին մէջ: Թրքական <<Ենիչաղ>> թերթը կը հաղորդէ, որ Էտիպօղլու նկատած է, որ Արեւմուտքը փոխած է Իրաքի մէջ քրտական պետութիւն ստեղծելու իր ծրագիրը եւ այժմ կ՛ուզէ այդ պետութիւնը հիմնել Թուրքիոյ տարածքին մէջ:


<<Իրաքի մասնատման ծրագիրը յետաձգուած է: Իրաքի քրտական շրջանը եւ կեդրոնական կառավարութիւնը պիտի հաշտուին: Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը դարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի նոր քիւրտ դաշնակիցը: Իրանի հետ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի գոյացուցած համաձայնութենէն ետք, Թուրքիա յայտնուած է խաղէն դուրս վիճակի մէջ: Լիբանանեան <<Հըզպալլա>> կազմակերպութիւնը, Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնն ու Իրանը պիտի ոչնչացնեն <<Իսլամական պետութիւն>>ը>>, նշած է Էտիպօղլու:

 


comments