«Իսլամական Պետութեան» դէմ համապարփակ պատերազմ պիտի շղթայազերծուի. Չաւուշօղլու

By Asbarez | Friday, 07 August 2015

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>>.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ ամերիկեան պատերազմական օդանաւեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր կը հասնին Թուրքիոյ մէջ օդուժի զօրակայաններ, ուստի մօտ օրէն <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պիտի շղթայազերծուի համապարփակ պատերազմ մը:
Չաւուշօղլու կարեւոր յառաջդիմութիւն նկատեց Ինճիրլիքի զօրակայանը ամերիկեան յարձակումներուն համար օգտագործելի դարձնելու նպատակով համաձայնութիւնը:


Մինչ այդ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ Օգոստոս 5ին անակնկալ կերպով մեկնեցաւ Պրիւքսէլ: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ ան հոն կրնայ հանդիպում ունենալ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:


Տեմիրթաշ բրիտանական <<Ֆայնենշըլ Թայմզ>> օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին մերժեց այն ամբաստանութիւնները, թէ իր կուսակցութիւնը կը ծառայէ իբրեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանբերը:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ Թեհրանի մէջ յայտարարեց. <<Ան, որ սուրիական պետութեան դէմ զէնք կը բարձրացնէ, ահաբեկիչ է>>:

Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ չափաւորական ընդդիմութեան օդային աջակցութիւն ցուցաբերելու մտադրութեան մասին հարցումի մը, ան նշեց. <<Մեզի համար Սուրիոյ մէջ չափաւորական կամ ոչ չափաւորական ընդդիմութիւն գոյութիւն չունի: Կը զօրակցինք <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարի որեւէ ջանքի, որ սուրիական կառավարութեան հետ համակարգուած եւ երկխօսութեամբ կ՛ըլլայ, այլապէս՝ սուրիական գերիշխանութեան խախտում մը պիտի ըլլայ>>:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Մուալլեմին յայտնեց, որ Իրան կը շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ աջակցիլ Սուրիոյ:
Մուալլեմ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով այս շաբաթ Թեհրան հասած էին իրանցի պաշտօնատարներու հետ քննարկելու համար սուրիական տագնապի լուծման իրանեան նոր նախաձեռնութիւնը:

Իրանեան բարձրաստիճան աղբիւր մը <<Մայատին>> պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ նախաձեռնութիւնը կը բաղկանայ չորս կէտերէ. առաջին կէտը կոչ կ՛ուղղէ անմիջական զինադադարի հաստատման, երկրորդը՝ ազգային միասնութեան կառավարութեան կազմութեան, երրորդը՝ սուրիական սահմանադրութեան բարեփոխման այնպիսի ձեւով մը, որ կը բաւարարէ Սուրիոյ ազգային ու յարանուանական խմբաւորումները, իսկ չորրորդը՝ միջազգային դէտերու հսկողութեամբ ընտրութիւններու կայացման:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը նշած է, որ նախաձեռնութեան շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարուած են Թուրքիոյ, Քաթարի, Եգիպտոսի եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն հետ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտնեց, որ իրանեան նախաձեռնութիւնը իրանեան եւ սուրիական կողմերուն միջեւ մանրամասն խորհրդակցութիւններէ ետք պիտի ներկայացուի ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի:

Նաեւ, սուրիական աղբիւրներ յայտնած են, որ Սուրիոյ ապահովական գրասենեակի ղեկավար՝ զօր. Ալի Մամլուքի Ռիատ այցելութեամբ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորի ժառանգորդի փոխանորդ Մուհամմատ պըն Սալմանի հետ հանդիպում ունենալը ինքնին Սուրիա-Սէուտական Արաբիա թշնամանքի պատին մէջ լուրջ ճեղք մըն է:

Աղբիւրները նշեցին, որ այժմ գոյութիւն ունի ամերիկեան հաւանութեամբ ռուսական ջանք մը՝ Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի եւ Սէուտական Արաբիոյ անոր պաշտօնակից Ատել Ճուպէյրի միջեւ հանդիպում մը դասաւորելու համար՝ առ ի պատրաստութիւն Մոսկուայի մէջ կայանալիք սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ ժողովի մը հիւրընկալման:

 

 

comments