Սուրիոյ տագնապի լուծման իրատես քաղաքական հոլովոյթ մը անհրաժեշտ է. Օպամա

By Asbarez | Friday, 07 August 2015

ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ - <<Իթար Թասս>> կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ Սպիտակ տան մէջ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման համար անհրաժեշտ է իրատես քաղաքական հոլովոյթ մը, որ կը տանի երկրի կայունացման եւ ամբողջ ժողովուրդը ներկայացնող նոր կառավարութեան ձեւաւորման:
Ըստ անոր, Ուաշիկթըն եւ Պան Քի Մուն խորապէս մտահոգուած են Սուրիոյ մարդասիրական ճգնաժամով>> եւ կ՛ընդգծեն արաբական այդ հանրապետութեան մէջ բռնութիւնը կանգնեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
<<Մենք կարծիքներ փոխանակեցինք այն բանին շուրջ, թէ մեր դիւանագիտական խումբերը ինչպէս կրնան միւս շահագրգիռ կողմերուն հետ միասին աշխատիլ այդ խնդիրի լուծման համար>>, նշած է Օպամա:

 


comments