Յարձակումներ Պոլսոյ Ամերիկեան հիւպատոսարանին եւ ոստիկանատան մը վրայ

By Asbarez | Tuesday, 11 August 2015

0811Istanbul Police

ՊՈԼԻՍ, «Պի.Պի.Սի.», «Մարմարա».- Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ վերջերս յարձակումներ կը կատարուին մասնաւորաբար ոստիկաններու եւ ոստիկանատուներու վրայ, իսկ Երկուշաբթի, Օգոստոս 10ի առաւօտեան, յարձակում մը գործուեցաւ նաեւ Պոլսոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի շէնքին վրայ, որ կը գտնուի Իսթինիէի մէջ։

Հաղորդուեցաւ, որ երկու կիներ կրակ բացած են հիւպատոսարանին վրայ։ Ապահովութեան պաշտօնեաները փոխադարձած են եւ երկու նախայարձակներէն մէկը, վիրաւոր վիճակով՝ տան մը մէջ ապաստանած է, բայց աւելի ուշ ձերբակալուած է ոստիկանութեան կողմէ։ Միւսը կրցած է խոյս տալ։

Ռումբի մասնագէտներ նաեւ պայթեցուցած են կասկածելի պայուսակ մը, որ դէպքին վայրը կը գտնուէր։ Յայտնի չէ, թէ պայուսակին մէջ ռումբ կա՞ր կամ չկար։

Յարձակումի պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Յեղափոխական ժողովրդային ազատագրութեան բանակ-ճակատ ձախակողմեան կազմակերպութիւնը։

Նոյն օրը, զինեալներ յարձակում գործած են Պոլսոյ Սուլթան Պէյլի շրջանին մէջ ապահովական մարմիններու մէկ կեդրոնին վրայ, որուն մէկ բաժինը քանդուեցաւ պայթումէն։ Շէնքին մօտ գտնուող այլ շէնքեր եւ ինքնաշարժներ վնասուեցան: Սպաննուեցաւ ոստիկան մը ու վիրաւորուեցան 10 ոստիկաններ ու քաղաքայիններ։

Պոլսոյ կառավարիչի գրասենեակը հաղորդեց, որ ոստիկանութեան կեդրոնին դէմ յարձակում գործողներէն երեքը սպաննուած են:

Նաեւ, «Մայատին» կը հաղորդէ, որ թրքական ապահովական աղբիւր մը հաղորդած է, թէ Շըրնաքի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներ կրակ բացած են թրքական բանակի մէկ ուղղաթիռին վրայ: Սպաննուած է թուրք զինուոր մը եւ վիրաւորուած են եօթը ուրիշներ, իսկ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջանին մէջ, ճամբու մը եզերքին լարուած ականի մը պայթումին պատճառով չորս թուրք զինուորներ սպաննուած են:

Օգոստոս 9ին, անծանօթ զինեալներ իրենց ինքնաշարժէն կրակ բացած են Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասը գտնուող կեդրոնատեղիին վրայ՝ վիրաւորելով շէնքի պահակը:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, իր կարգին, դէպքին վայրը այցելելով յայտարարեց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները այսպիսի յարձակումներու ճամբով պիտի չկարենան Թուրքիոյ կայունութիւնը քայքայել՝ խոստանալով շարունակել «ահաբեկչութեան դէմ պայքարը»:


comments

Advertisement