Վեցեակին հետ համաձայնութիւնը պիտի նպաստէ Եմէնի եւ Սուրիոյ տագնապի լուծման. Ռուհանի

By Asbarez | Tuesday, 11 August 2015

 

0805Rouhani

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է, որ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը աւելի մեծ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Եմէնի եւ Սուրիոյ տագնապներուն շուտափոյթ լուծման համար:


Իրանի նախագահը նաեւ նշեց. <<Մեր ազգային ամէնէն նուրբ գաղտնիքները՝ զինուորական, գիտական, առեւտրական կամ ընկերային, պիտի չվտանգենք: Մեր պաշտպանական կարողութիւնը բացարձակապէս պիտի չտկարանայ>>:


Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ քուէյթեան <<Ռայ>> թերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշեց, որ համաձայնութիւնը ոչ միայն Իրանի դրացիներուն վնաս չի պատճառեր, այլ ամբողջ շրջանին համար կարեւոր ձեռքբերում մըն է, որովհետեւ <<անիկա վերջ տուաւ 12 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող անտեղի լարուածութեան>>:

comments

Advertisement