By Asbarez | Tuesday, 11 August 2015
ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ - <<Ուաշինկթըն Փոսթ>> թերթը հրապարակեց աշխարհի մէջ բռնապետական համակարգի ընտրական զեղծարարութիւններու մասին յօդուած մը, ուր յիշատակութիւն կայ նաեւ 2013ին Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն եւ Իլհամ Ալիեւի զեղծարարութիւններուն մասին։ Թերթը բաղդատութիւններ ըրած է Ատրպէյճանի ու Հիւսիսային Քորէայի միջեւ, ուր վերջին քաղապետական ընտրութիւններուն մասնակցած էին իբրեւ թէ ընտրողներու 99.97 տոկոսը։ Թերթը ապա հետեւեալը կը գրէ. <<2013ին, նախագահական ընտրութիւններու նախորդող օրը, տակաւին քուէարկութիւնը չէր սկսած, երբ Ատրպէյճանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հեռաձայնով հաղորդեց ընտրութիւններու արդիւնքները։ Նշուեցաւ, որ նախագահ Իլհամ Ալիյեւ դարձեալ 72 տոկոսով յաղթանակ տարած էր, իսկ ընդդիմութեան թեկնածուն իբրեւ թէ 10 տոկոս քուէ հաւաքած էր։ Սակայն ատեն մը ետք պետական մարմինը հաղորդագրութիւն մը տարածեց, թէ հեռաձայններուն ուղարկուած ցուցանիշները նախորդ տարիներու ընտրութիւններուն կը վերաբերին եւ սխալմամբ հրապարակուած են>>։
Թերթը կ՛ընդգծէ, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան եւ արդիւնքներու նմանօրինակ բարձր ցուցանիշները յատկանշական են բռնապետական երկիրներու մէջ, ինչպիսին են՝ Հիւսիսային Քորէա, Ատրպէյճան, Ղազախստան, եւ այլն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ