By Asbarez | Thursday, 13 August 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Կարս նահանգի Սարըղամիշ շրջանին մէջ, Թուրքիոյ բանակաի զրահապատ փոխադրակառքի մը վրայ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու յարձակումին հետեւանքով, շրջուած է մեքենան եւ փոխադրակառքին մէջ գտնուող 8 զինուորներէն 3ը վիրաւորուած են: Վերջիններս հի-ւանդանոց փոխադրուած են:
Պայթումէն ետք, բանակը շրջանին մէջ լայնածաւալ գործողութեան մը դիմած է՝ քիւրտ զինեալները յայտնաբերելու համար:
Միւս կողմէ, Տերսիմի մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցուած է ոստիկանական ինքնաշարժի մը մօտ, որուն հետեւանքով ոստիկան մը ծանրօրէն վիրաւորուած է:
Մինչ այդ, <<Անատոլու>> հաղորդեց, թէ Իզմիր եւ Ատանա քաղաքներուն մէջ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը նկատուող Հայրենասէր յեղափոխականներու երիտասարդական շարժումի անդամներուն դէմ ձերբակալման արշաւ մը շղթայազերծուած է: Ձերբակալուած են աւելի քան 20 կասկածելիներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ