Օճալանի հետ անյապաղ բանակցութիւններու սկսելու կոչ

By Asbarez | Thursday, 13 August 2015

 

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մէկ թեւը հանդիսացող Քիւրտիստանի ժողովրդային խորհուրդը, որ քրտական հարցի հետապնդման գործադիր մարմինը կը նկատուի, նոր յայտարարութիւն մը ըրաւ՝ կոչ ընելով դադրեցնելու բախումները։


Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ քրտական հարցը Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ժողովրդավար միջոցներով լուծելու տեսակէտին. հոն նաեւ կոչ կ՛ըլլայ Ապտուլլահ Օճալանի հետ բանակցութիւնները անյապաղ վերականգնելու՝ ազատ պայմաններու մէջ։

Նաեւ, կը շեշտուի, թէ Անգարա Յուլիս 24ին հրահրած է նոր պատերազմը ու քրտական ուժերը պարզապէս կը հակադարձեն օդային այն յարձակումներուն, որոնք, պետութեան պնդումով՝ աւելի քան 400 քիւրտ զինեալ սպաննած են, բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներու կողքին։ <<Այս հակադարձութիւնը ինքնապաշտպանութեան օրինաւոր իրաւունք է ամէն օր պատերազմական կոչեր արձակող եւ <<պիտի սպաննենք, պիտի վերջացնենք>> ըսող նախայարձակներու դէմ>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ։


comments

Advertisement