Ծայրայեղական խմբաւորումը կ՛աջակցի Սուրիոյ մէջ «ապահովութեան» գօտի ստեղծելու Անգարայի մտադրութեան

By Asbarez | Thursday, 13 August 2015

0813Sham

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին դէմ զինեալ պայքար մղող իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներէն՝ <<Ահրար Շամ>>ը, իր աջակցութիւնը յայտնած է Սուրիոյ հիւսիսը «ապահովութեան» գօտի ստեղծելու Թուրքիոյ նախաձեռնութեան:
Ըստ թրքական <<Ռատիքալ>> թերթին՝ նշեալ կազմակերպութիւնը այդ կապակցութեամբ կատարած իր յայտարարութեան մէջ պնդած է, թէ նման գօտի մը պիտի կարենայ զսպել <<Իսլամական պետութեան>> եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւն կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը:


comments