By Asbarez | Thursday, 13 August 2015
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- <<Փրէս Թի.Վի.>> կայանը հաղորդեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Օգոստոս 12ին Դամասկոսի մէջ ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաուատ Զարիֆը: Կողմերը քննած են Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարելիութիւնները։
Նշենք, որ Զարիֆ Դամասկոս հասած էր Լիբանանէն, ուր ան հանդիպումներ ունեցած էր շարք մը քաղաքական ղեկավարներու հետ։
Զարիֆի Դամասկոս ժամանումէն առաջ, մայրաքաղաքը թիրախ դարձած էր ծանր հրթիռարձակումներու, որոնց հետեւանքով զոհուած են առնուազն հինգ քաղաքացիներ, մինչ 55 ուրիշներ՝ վիրաւորուած:
Օգոստոս 12ին նաեւ հաղորդուեցաւ, որ Զարիֆ, որուն Օգոստոս 11ին նախատեսուած Թուրքիա այցը յետաձգուած էր վերջին վայրկեանին, Օգոստոս 17-18ին պիտի այցելէ Ռուսիա, քննելու համար Սուրիոյ իրավիճակը, Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը, <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ՝ <> հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի վաճառքի մանրամասնութիւնները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ