Ճուպէյր եւ Լաւրով քննեցին Սուրիոյ եւ «Իսլամական Պետութեան» վերաբերող հարցեր

By Asbarez | Thursday, 13 August 2015

0813Lavrov-Joubeir

 

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>>.- Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ճուպէյր Օգոստոս 11ին այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ, քննելով Սուրիոյ, Եմէնի, Իրաքի եւ Լիպիոյ հարցերը:


Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ճուպէյր ընդգծեց. <<Քննեցինք Սուրիոյ կացութիւնը եւ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը։ Այս գծով Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը չէ փոխուած>>, ապա պնդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ <<խնդիրին մաս կը կազմէ եւ ոչ թէ լուծումին>>:


Իր կարգին, Լաւրով ըսաւ, որ Ճուպէյրի հետ քննած է ահաբեկչութեան եւ մասնաւորաբար <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարի ջանքերը միաւորելու հարցը՝ աւելցնելով. <<Հակառակ Սուրիոյ հարցով Սէուտական Արաբիոյ հետ կարգ մը տարակարծութեանց, մեր կեցուածքներու մեծամասնութիւնը իրարու համահունչ է>>:


Լաւրով նաեւ յոյս յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը կը նպաստէ Իրանի եւ Ծոցի արաբական երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան սկսման:

 


comments

Advertisement