Յարձակում Պոլսոյ «Քէմբ Արմէն»ին վրայ. երկու անձեր վիրաւորուած են

By Asbarez | Friday, 14 August 2015

0815sayadtekir

 

ՊՈԼԻՍ, <<Արեւելք>> -   Պոլսոյ Թուզլա  շրջանին մէջ գտնուող <<Քէմբ Արմէն>>ին  վրայ   տեղի ունեցած է յարձակում: Այս մասին  լուրը կը հաղորդէ <<Ակօս>>ի կայքը: Աղբիւրը   կը գրէ, որ երէկ ուշ երեկոյեան անյայտ անձեր բիրերով յարձակում գործած են <<Քէմբ Արմէն>>ին   շուրջ հերթապահութիւն  ընող   տղոց վրայ եւ ծեծի ենթարկած զանոնք: Երկու անձեր վիրաւորուած եւ փոխադրուած են  հիւանդանոց:

Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է <<Նոր Զարթօնք>>ը, որ նաեւ  յայտնած է, թէ իրենք  պիտի շարունակեն իրենց պայքարը եւ թոյլ պիտի չտան, որ շէնքը քանդուի:

Նշենք, որ  երէկ  իր լրումին կը հասնէր <<Քէմբ Արմէն>>ի պաշտպանութեան 100րդ օրը:

 

<<Արեւելք>>   յաջողեցաւ կապ հաստատել Պոլսոյ <<Նոր Զարթօնք>> միութեան համաներկայացուցիչ Սայաթ Թէքիրին հետ: Թէքիր ըսաւ, որ երէկ   <<Քէմբ Արմէն>>ի վրայ տեղի ունեցած յարձակումէն ետք վիրաւորուած 2 անձերը բնականոն վիճակի մէջ են եւ վերադարձած են իրենց աշխատանքներուն:

Թէքիր նշեց, որ երէկ գիշերուան դէպքէն ետք մեծ թիւով   տեղացի (յատկապէս ձախակողմեան) աքթիւիսթներ զօրակցութիւն յայտնած են իրենց:

<<Այս պահուն   թուրք, քիւրտ եւ   տարբեր ազգութիւններէ   աքթիւիսթներ կը գտնուին <<Քէմբ Արմէն>>ի մէջ>>, ըսաւ Սայաթ Թէքիր յաւելելով, որ այսօր երեկոյեան իրենք կը պատրաստուին մամլոյ ասուլիս մը   տալ:

Պոլսահայ գործիչը ըսաւ, որ Թուրքիա ապրելով   իրենք վարժ են նման յարձակումներու եւ այսպիսի դէպքեր աւելիով կը զօրացնեն իրենց   պայքարը: Ան <<Արեւելք>>ի ամպիոնէն Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութեան դիմելով ըսաւ՝ <<մենք հայութեան զօրակցութեան կարիքն ունինք յատկապէս այս հանգրուանին>> հաւաստելով, որ իրենք մտադիր են ամէն գնով այս պայքարը շարունակել:

 

comments