By Asbarez | Friday, 14 August 2015
ՄՈՍԿՈՒԱ - <<Իթար-Թասս>> կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարած է, թէ Ինճիրլիք օդուժի ռազմակայանի օգտագործման մասին Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութեան մէջ խօսք չկայ Սուրիոյ մէջ ապահովութեան գօտի ստեղծելու մասին:
Սակայն <<Սի.Էն.Էն. Թիւրք>>, յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուին՝ յայտնեց, որ Ինճիրլիքի օգտագործման գծով, երկու երկիրները համաձայնած են նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը նման գօտի մը ստեղծելու հարցին շուրջ:
Ըստ պատկերասփիւռի կայանին՝ նշեալ գօտին պիտի ունենայ 98 քիլոմեթր երկարութիւն ու 45 քիլոմեթր խորք, եւ պիտի մնայ Սուրիական ազատ բանակի զինեալներու հսկողութեան տակ:
Նշենք, որ Թոնըր նաեւ յայտնած է, որ իր երկիրը Թուրքիոյ պիտի չարտօնէ առաջարկուած գօտիին մէջ յարձակում գործել քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դիրքերուն վրայ:
Նաեւ, Օգոստոս 13ին առաջին անգամ ըլլալով Ինճիրլիքէն ճամբայ ելած ամերիկեան օդանաւերը ռմբակոծած են Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութեան>> դիրքերը։ Նախապէս նման յարձակում մը կատարուած էր առանց օդաչուի ամերիկեան օդանաւերով։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ