By Asbarez | Thursday, 03 November 2011
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Աշխատանքի համար դէպի Գերմանիա տեղի ունեցած հազարաւոր թուրքերու գաղթին 50րդ տարեդարձին առթիւ, Պերլինի մէջ կազմակերպուած հանդիսութեանց մասնակցելու նպատակով, Գերմանիա այցելած էր նաեւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը, որ Գերմանիոյ իր պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին քննադատեց նաեւ Գերմանիոյ կառավարութիւնը, որ դէմ է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան, եւ բաւարար չափով չի պայքարիր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ։
Էրտողան դարձեալ կոչ ըրաւ, որ Գերմանիա միջազգային հրապարակի վրայ Թուրքիոյ կողքին կանգնի, յատկապէս՝ Կիպրոսի կամ «1915ի մասին հայկական պնդումներու» հարցերուն պարագային։
Ընդգծելով, որ Գերմանիա կ՛ապրին երեք միլիոն թուրքեր՝ ան շեշտեց, թէ անոնք պէտք է Գերմանիոյ քաղաքացի դառնան եւ անդրադարձաւ երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններու տարողութեան՝ դիտել տալով, որ 2010ին Թուրքիոյ ու Գերմանիոյ միջեւ իրականացած արտաքին առեւտուրին ծաւալը հասած է 25 միլիառ եուրոյի, իսկ գերմանացի գործարարները Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 4000 աշխատատեղի ապահովելով՝ կարեւոր ներդրում ունին:
Էրտողան խօսեցաւ նաեւ այն բարիքներուն մասին, զորս թուրքերը բերած են Գերմանիոյ։ Իբրեւ օրինակ, ան յիշեց Գերմանիոյ մէջ ֆութպոլի նշանաւոր թուրք խաղացող Մեսուտ Էօզիլը, որ Գերմանիոյ ազգային խումբէն կը խաղայ, եւ ըսաւ, որ այնքա՛ն ատեն, որ ան Թուրքիոյ դէմ կօլ չի նշանակեր, անոր կօլերով թուրքերը պիտի ուրախանան։ Իբրեւ այլ օրինակ, ան ըսաւ, որ թուրքերու շնորհիւ գերմանացիները ծանօթացան նաեւ թրքական բաղնիքին։
Այս բոլորէն ետք, ան վստահեցուց, թէ երկու երկիրները միասին են, ու գերմաներէնով ըսաւ. «Վիր զինտ ցուզամէն», այսինքն՝ «մենք միասին ենք»։
Միւս կողմէ, Քրտական «Ֆրա»չ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ խումբ մը փաստաբաններ դաշնակցային գլխաւոր դատախազութեան հայց ներկայացուցած են Էրտողանի, պաշտպանութեան շարք մը նախկին թուրք նախարարներու եւ բարձրաստիճան զինուորական հրամանատարներու դէմ՝ զանոնք մեղադրելով քիւրտերու դէմ պետական ահաբեկչութեան դիմելու, ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու եւ քիմիական զէնք օգտագործելու հրահանգ տալու յանցանքներով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ