Արցախի Տիգրանակերտը ամէնէն աւելի այցելու ունեցողներուն կարգին է

By Asbarez | Saturday, 15 August 2015

0815dikranagerd

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - <<Տիգրանակերտ>> պետական պատմամշակութային արգելոցով հետաքրքրուողներուն թիւը տարուէ տարի կը բարձրանայ: Այդ մասին կը վկայեն Տիգրանակերտի զբօսաշրջային տեղեկատուական կեդրոնի Յունուար-Յուլիս ամիսներու տուեալները։ Արդարեւ, նշեալ ժամանակաշրջանին, Տիգրանակերտ այցելած է 7000էն աւելի մարդ, այսինքն՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով՝ 10 տոկոս աւելի։

Ըստ նոյն աղբիւրին՝  Տիգրանակերտ կ՛այցելեն հիմնականին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի բնակիչներ, սակայն աւելցած է նաեւ Տիգրանակերտ այցելող  օտար զբօսաշրջիկներուն թիւը՝ կազմելով տարեկան ընդհանուր այցելութիւններուն գրեթէ 40 տոկոսը:

Վերջին տարիներուն Տիգրանակերտի արգելոցին մէջ իրականացուող պեղումները, ենթակառոյցներու զարգացումը, զբօսաշրջիկներու համար առաւել յարմար պայմաններու ստեղծումը եւ տարբեր տեսակի հանրային նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը կը նպաստեն Տիգրանակերտի այցելութիւններու թիւի աճին: Ներկայ դրութեամբ  արգելոցը կը նկատուի Լեռնային Ղարաբաղի ամէնէն աւելի այցելու ունեցող վայրերէն մէկը։


comments

Advertisement