By Asbarez | Tuesday, 18 August 2015
ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի խորհրդականներէն Հիւսէյն Շարիաթմատարի, որ նաեւ իրանեան <<Քէյհան>> օրաթերթի խմբագիրն է, նշեալ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածով յայտնած է, որ Խամենէի դժգոհ է Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած Իրանի եւ Վեցեակի համաձայնութենէն:
Ան կը գրէ, որ համաձայնագիրին մէջ ներառուած շարք մը կէտեր Իրանի անկախութեան եւ ապահովութեան վտանգ կը ներկայացնեն՝ զգուշացնելով, որ համաձայնութեան գործադրումը Իրանի համար աղէտ մը պիտի ըլլայ։
Խամենէիի այլ խորհրդական մը՝ Ալի Աքպար Վիլայէթի, շեշտած է, որ իր երկիրը Իրան-Վեցեակ համաձայնութենէն ետք աւելի կարող պիտի դառնայ շրջանին մէջ իր բարեկամներուն աջակցելու:
Ան նշած է. <<Արեւմուտքի կարգ մը յետադիմական վարչակարգեր, երբ միասնակամ էին՝ ձախողեցան Սուրիոյ մէջ վարչակարգը փոխել։ Հիմա, որ այդ միասնականութիւնը չքացած է, ինչպէ՞ս պիտի կարենան ատիկա իրագործել>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ