Մոսկուա կը մերժէ Ասատի հեռացումը պահանջող կոչերը. Լաւրով

By Asbarez | Wednesday, 19 August 2015

0819Zarif-Lavrov


ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ Օգոստոս 17ին այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Լաւրով ըսաւ, թէ Իրանի եւ արեւմտեան պետութիւններուն միջեւ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը կը յանգեցնէ շրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման եւ կը ջնջէ շրջանային համագործակցութեան առջեւ ծառացած պատնէշները:

Երկու նախարարները նաեւ անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին: Լաւրով յայտարարեց, թէ իր երկիրը կը մերժէ կարգ մը կողմերու՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը պահանջող կոչերը՝ շեշտելով, որ Սուրիոյ նկատմամբ Մոսկուայի կեցուածքը չէ փոխուած: Ան յիշեցուց Սուրիոյ տագնապի լուծման մասին իր երկրի պատկերացումը՝ քաղաքական լուծում մը, որ գոյացած ըլլայ նոյնինքն սուրիացիներուն միջեւ, առանց արտաքին միջամտութեան:
Կողմերը քննարկեցին շրջանի կացութիւնը եւ շեշտեցին, թէ հարցերու լուծումը պէտք է ըլլայ քաղաքական միջոցներով:

Զարիֆ նշեց, որ Ռուսիա ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ իսկ Իրանին աջակցած է, <<ինչ որ մեր միջեւ գործակցութիւնը աւելիով ամրապնդած է։ Ռուսիա կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին եւ պատժամիջոցներու վերացման հարցին մէջ>>, աւելցուց ան եւ կոչ ուղղեց նաեւ շրջանի հարցերը լուծելու՝ առանց արտաքին միջամտութեան:

 


comments

Advertisement