By Asbarez | Wednesday, 19 August 2015
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի հերքեց Սէուտական Արաբիոյ հետ խորհրդակցութիւններու լուրը՝ պնդելով, որ Սուրիոյ ազգային ապահովութեան գրասենեակի ղեկավար զօր. Ալի Մամլուք Սէուտական Արաբիա չէ այցելած եւ սէուտցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում չէ ունեցած:
Զողպի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ճուպէյրի կողմէ այս մասին կատարուած հաստատումները նկատած է <<սնամէջ եւ անկիր>>չ՝ աւելցնելով. <<Ան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը եղած ատեն, հրէական լոպիին հետ համակարգում կը կատարէր>>:
<<Ճուպէյրի յայտարարութիւնները կրկնութիւն են նախկին կեցուածքներուն, որոնց նպատակն է ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ Սէուտական Արաբիան ազդեցիկ պետութիւն մըն է>>, ըսաւ ան:
Զողպի նաեւ զարմանք յայտնեց, որ սէուտցի պաշտօնատարներ կը խօսին այլ երկիրներու վարչակարգերու օրինականութեան մասին, եւ սէուտական վարչակարգին մարտահրաւէր ուղղեց՝ Ռիատի վարչակարգին առնչութեամբ ժողովուրդի կարծիքին մասին թագաւորութեան մէջ թափանցիկ հարցախոյզ մը կատարելու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ