Իլհամ Ալիեւ քննադատութիւն չ՛ընդունիր. «Ուաշինկթըն Փոսթ»

By Asbarez | Wednesday, 19 August 2015

0819yunus

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - <<Ուաշինկթըն Փոսթ>> թերթը <<Ատրպէյճանի Անարդարութիւնը>> խորագիրով խմբագրական մը հրապարակած է իրաւապաշտպան Եունուսներուն դէմ արձակուած բանտարկութեան վճիռներուն մասին։


<<Նկատի առնելով անոնց առողջական վատ վիճակը՝ դատավճիռը կարելի է մահապատիժ համարել: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին տարիներուն կրկնակի ուժով կը հետապնդէ լրագրողները, փաստաբանները եւ իրաւապաշտպանները, ինչի հետեւանքով մօտաւորապէս 100 հոգի արդէն իսկ բանտարկուած է շինծու մեղադրանքներով: Ալիեւ կը փորձէ զանոնք ընդմիշտ լուռ պահել>>, գրած է թերթը:


Թերթը նաեւ նշած է, որ Եունուսները կը փորձէին իրենց օրինակով ցոյց տալ, թէ խորհրդային ժամանակաշրջանի դաժանութեան ու փակ մտածելակերպին վերջ դրուած է. անոնք նաեւ կը ձգտէին <<յաղթահարել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բաժանումը>>, սակայն՝ <<զանոնք խարդախ եւ Հայաստանի գործակալ կոչեցին, եւ հիմա անոնք կը մաշին բանտին մէջ, դաժան ինքնակալի քմահաճոյքին պատճառով>>։


<<Պարոն Ալիեւ քննադատութիւն չ՛ընդունիր: Անոր մամլոյ քարտուղարը դատավճիռի հրապարակումէն ետք յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի մէջ կը յարգուին դատարաններու անկախութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը: Նման անհեթեթութիւն ըսուեցաւ՝ առանց ամօթի նշոյլի>>, եզրակացուցած է թերթը:

comments