Անձնասպանական գործողութիւն Գամիշլիի մէջ

By Asbarez | Friday, 21 August 2015

0821kamishli

ՊԷՅՐՈՒԹ - Լիբանանեան <<Նաշրա>> կայքը հաղորդեց, որ Գամիշլիի արեւելեան շրջանին մէջ, քրտական ներքին ապահովութեան ուժերու մէկ կեդրոնը թիրախ դարձած է պայթումի մը, որ շարք մը զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած է:


Աւելի ուշ, ահաբեկչական <<Իսլամական պետութիւն>> կազմակերպութիւնը ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը:


Իր կարգին, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ տեղի ունեցածը անձնասպանական գործողութիւն մըն էր, որուն զոհ գացած են քիւրտ 16 զինեալներ, իսկ վիրաւորուած են մօտաւորապէս 50 զինեալներ եւ քաղաքայիններ:


comments

Advertisement