Պայթում Պաքու-Թիֆլիս-Կարս-Էրզրում կազատարի Թրքական հատուածին վրայ

By Asbarez | Wednesday, 26 August 2015

0826gas

ԵՐԵՒԱՆ. <<Էրմենիհապեր>> -  Երեքշաբթի, Օգոսոտոս 25ին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները պայթեցուցած են Սարիղամիշէն անցնող Պաքու-Թիֆլիս-Կարս-Կարին խողովակաշարը:
Կարսի նահանգապետը յայտնած է, որ յարձակումին մասնակցած են մօտաւորապէս 20 զինեալներ, եւ աւելցուցած, թէ ձեռնարկուած են անհրաժեշտ միջոցներու՝ բռնկած հրդեհը զսպելու եւ կազատարը վերակառուցելու համար:
Յուլիս 27ին, քիւրտ զինեալները պայթեցուցած էին նաեւ թուրք-իրանեան կազատարը:

comments

Advertisement