By Asbarez | Wednesday, 26 August 2015
ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Անսալով նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի առաջարկին՝ Թուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնաժողովը Երեքշաբթի, Օգոստոս 25ին յայտարարեց, որ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 1ին, մինչ երկրին մէջ դարձեալ բռնկած է քիւրտ անջատողականներու զինեալ պայքարը:
Էրտողան, նոյն օրը, վարչապետի պաշտօնակատար Ահմետ Տաւութօղլուին լիազօրեց ձեւաւորելու ժամանակաւոր կառավարութիւն մը: Յունիս 7ի ընտրութեանց արդիւնքներուն հիման վրայ, կառավարութիւն կազմելու պայմանաժամը Օգոստոս 25ին կը լրանար եւ այդ պատճառաւ, Էրտողան հրապարակեց նոր ընտրութեանց մասին իր որոշումը՝ պաշտօնապէս մերժելով կառավարութիւնը կազմելու պարտականութիւնը յանձնել Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուին։
Տաւութօղլու յառաջիկայ հինգ օրերուն ընթացքին պէտք է ձեւաւորէ ժամանակաւոր կառավարութիւն մը: Ըստ Յունիս 7ի ընտրութիւններու արդիւնքին՝ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը 11 նախարարներ պիտի ունենայ, մինչ հանրապետականներուն պէտք է տրուի վեց նախարարութիւն, իսկ Ազգայնական շարժումին ու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեանց՝ երեքական նախարարութիւն։ Մինչ գլխաւոր երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մերժած են գործակցիլ իշխող կուսակցութեան հետ, քրտամէտ կուսակցութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է ժամանակաւոր կառավարութեան մաս կազմելու: Տաւութօղլու կրնայ անկախ պատգամաւորներու յանձնել նախարարութիւնները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ