ՄԱԿը պատերազմական ոճիր կը նկատէ Պաալ Շամի տաճարին քանդումը

By Asbarez | Thursday, 27 August 2015

 

0827Baal-Shamin

ԼՈՆՏՈՆ, <<Պի.Պի.Սի.>> -  ՄԱԿի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով զբաղող կազմակերպութիւնը՝ <<Եունեսքօ>>ն, Սուրիոյ Փալմիրա քաղաքին մէջ հնադարեան Պաալ Շամի տաճարին քանդումը մարդկութեան համար մեծ կորուստ համարած է, իսկ <<Իսլամական պետութեան>> այդ արարքը՝ պատերազմական ոճիր:


<<Այդ տաճարի քանդումը մեծ կորուստ է Սուրիոյ ժողովուրդին եւ ամբողջ մարդկութեան համար>>, նշած է կազմակերպութեան ղեկավար Իրինա Պոքովա: Ան նշած է, որ յանցագործները պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն իրենց արարքներուն համար:

Պաալ Շամի տաճարը, որ կառուցուած է մօտաւորապէս 2000 տարի առաջ, իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներուն կողմէ փլուզուած է Կիրակի օր:


Հնագէտներ Պաալ գերագոյն չաստուածին նուիրուած այս տաճարը կը համարեն քաղաքի ամէնէն թանկ եւ լաւ պահպանուած մասնիկներէն մէկը: Անիկա մասամբ վերականգնուած էր:


Տաճարին քանդումը դատապարտեց նաեւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը:


comments