Ռուսիոյ, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մասնակցութեամբ՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ճակատ

By Asbarez | Friday, 28 August 2015

0828Putin-Sisi

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Օգոստոս 26ին Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահին հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն մը՝ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդող քայլերու շուրջ, որոնց շարքին՝ Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Ռուսիոյ միջեւ հասարակաց ծրագիրներու հիմնադրամի մը հաստատումը:


<<Համաձայնութիւն գոյացուցինք ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւններու տարածման դէմ պայքարելու համար՝ Ռուսիոյ, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մասնակցութեամբ շրջանային լայն ճակատ մը ստեղծելու շուրջ>>, ըսաւ Փութին։


Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ կը գործեն 400 ռուսական ընկերութիւններ, եւ համաձայնութիւն գոյացուած է Եգիպտոսի հետ փոխադարձ առեւտուրը աճեցնելու եւ ատոր դիմաց ծառացող դժուարութիւնները վերացնելու, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ հիւլէական կայան մը կառուցելու շուրջ: <<Եգիպտոսը ռուս զբօսաշրջիկներու համար վերածուած է արտասահմանեան լաւագոյն վայրի, եւ անցեալ տարի հոն այցելած են 3.5 միլիոն ռուսեր>>, ըսաւ Փութին:


Իր կարգին, Սիսի յայտարարեց, որ Եգիպտոսի ժողովուրդը նախանձախնդիր է տարբեր մարզերու մէջ Ռուսիոյ հետ գործակցութիւնը սերտացնելու ջանքերուն հանդէպ։ Ան մասնաւորաբար շեշտեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը։


comments

Advertisement