Կը սպասուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարներու հանդիպման

By Asbarez | Saturday, 29 August 2015

 

0829Warlick
Ճէյմզ Ուորլիք

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները անհամբեր կը սպասեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, որ պիտի կայանայ Սեպտեմբերին՝ Նիւ Եորքի մէջ գումարուող ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի օրերուն:

Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք ատրպէյճանական <<Էյ.Փի.Էյ.>> լրատու գործակալութեան ըսած է, որ տագնապին խաղաղ կարգաւորման համար կայ ամենաբարձր մակարդակով նախապատրաստուած՝ նոր պարտաւորութիւններու ստանձնման անհրաժեշտութիւն:

Դիւանագէտը յայտնած է, որ Մինսկի խմբակի համանախագահներու տարածաշրջան յաջորդ այցը պիտի կայանայ աշնան:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտնած է, թէ ռուսական կողմը ամենայն պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման եւ այդ գծով ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին մէջ ստանձնած իր պարտաւորութիւններուն։

<<Յոյս ունինք, որ կարգ մը երկիրներու հետ Ռուսիոյ տարակարծութիւնները, որոնք մեր պատճառով չեն ծագիր, անդրադարձ չեն ունենար Մինսկի խմբակի աշխատանքներուն վրայ: Մեր կողմէ որեւէ խոչընդոտ, հարց կամ խնդիր չ՛ըլլալ: Մենք այդ ձեւաչափին մասնակից ենք եւ մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենանք մեր պարտաւորութիւններուն, որովհետեւ կը հասկնանք, թէ որքա՛ն լուրջ է այդ խմբակի օրակարգին վրայ գտնուող հարցը>>, նշած է Զախարովա:

 


comments