By Asbarez | Tuesday, 01 September 2015
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - <<Հոտերնիդ ելաւ>> արշաւը Շաբաթ օր, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ կատարեց իր մեծագոյն ցոյցը, որուն մասնակիցներուն թիւը, անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն՝ գնահատուեցաւ աւելի քան 150 հազարով: Արշաւի պատասխանատուները ցոյցին ընթացքին շեշտեցին, որ իրենք իրենց բողոքը պիտի շարունակեն, մինչեւ կենսոլորտի եւ ներքին գործոց նախարարներու հրաժարումը, ցուցարարներուն դէմ բիրտ ուժ գործադրող ապահովութեան ուժերը պատասխանատուութեան կանչելը, աղբերու տագնապի անմիջական լուծումը, ինչպէս նաեւ՝ ընտրական նոր օրէնքի մը հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:
Ցոյցի ապահովութեան հսկեցին բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, սակայն ցուցարարներէն ոմանք դարձեալ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ պայթուցիկներ նետեցին վարչապետարանը հսկող ուժերուն վրայ եւ փորձեցին վերցնել վարչապետարանին դիմաց զետեղուած փշաթելերը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերը յարձակին սադրիչներուն վրայ եւ ձերբակալումներ կատարեն: Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ տասը ձերբակալեալները հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին, իսկ ներքին ապահովութեան ուժերէն երկու ոստիկաններ թեթեւօրէն վիրաւորուած են:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ