«Հոտերնիդ Ելաւ» արշաւի անդամները խուժեցին կենսոլորտի նախարարութիւն

By Asbarez | Wednesday, 02 September 2015

0902leb

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1ի յետմիջօրէին, <<Հոտերնիդ ելաւ>> արշաւի անդամները խուժեցին Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան շէնքը ու նստացոյցի մը սկսան նախարարի գրասենեակին առջեւ՝ պահանջելով անոր անմիջական հրաժարումը։ Անոնք շեշտեցին, որ պիտի չհեռանան շէնքէն մինչեւ նախարար Մոհամմատ Մաշնուքի հրաժարիլը, նաեւ կոչ ըրին քաղաքացիներուն զօրակցելու իրենց շարժումին՝ ուղղուելով նախարարութեան կեդրոնատեղին:


Նախարար Մաշնուք հաստատեց, որ ինք նախարարութեան կեդրոնատեղին կը գտնուի եւ կատարուածը ապօրինի ներխուժում է՝ մերժելով հրաժարիլ իր պաշտօնէն։

Ներքին ապահովութեան ուժերը շէնքէն հեռացուցած են լրագրողները ու կը ջանան ցուցարարները եւս հեռացնել այդտեղէն:


comments