«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անշրջելի գործընթացն առաջ է ընթանում». Էդվարդ Նալբանդեան

By Asbarez | Wednesday, 02 September 2015

0902nalbandian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> -  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 1 Սեպտեմբերին այցելեց Երեւանի պետական համալսարան, ուր, ըստ աւանդութեան, տուաւ ԵՊՀ միջազգային յարաբերութիւններու կաճառին առաջին դասախօսութիւնը, որուն ներկայ էին նաեւ մայր կառոյցի եւ միւս բաժանմունքներուն դասախօսական կազմերը։ Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ դարէ մը ի վեր ժխտուող այս սպանդի ճանաչման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրն ու զայն խաղաղութեամբ լուծելու հայկական կողմին առաջադրանքը։


Նախարար Նալբանդեան բարի երթ մաղթեց ուսանողներուն՝ դիտել տալով, որ ներկայիս հայ դիւանագէտներուն մեծամասնութիւնը Միջազգային յարաբերութիւններու կաճառի շրջանաւարտներ են, որոնք արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցին միջոցով համալրած են Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան շարքերը:


Իր խօսքին մէջ, ինչպէս նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն տուած պատասխաններով նախարար Նալբանդեան ներկայացուց միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու եւ անոնց լուծումներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները:


Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին հանգամանքով այս տարուան իւրայատուկ ըլլալուն՝ Նալբանդեան ըսաւ. <<Այս տարին առանձնայատուկ է մեզ համար, քանի որ ողջ աշխարհում յիշատակւում է 20րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը:


Մենք կարեւորում ենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը աշխարհասփիւռ հայութեան համար պատմական արդարութեան վերականգնման, ապագայ ցեղասպանութիւնների կանխարգելման ու ժխտողականութեան դէմ պայքարի տեսանկիւնից, ինչպէս նաեւ մեր տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, փոխադարձ վստահութեան, բարիդրացիական յարաբերութիւնների կառուցման մթնոլորտի ձեւաւորման առումով:


100րդ տարելիցը կարելի է նոր սկիզբ համարել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման առումով:


Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անշրջելի գործընթացն առաջ է ընթանում տարբեր մակարդակներով եւ ուղղութիւններով:


Այս կապակցութեամբ տարբեր երկրների, միջազգային կազմակերպութիւնների ղեկավարներ են յայտարարութիւններով հանդէս եկել>>, յայտնեց ան։
Նախարար Նալբանդեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին՝ ընդգծելով, որ, հակառակ Ատրպէյճանի սադրիչ եւ ապակառուցողական քաղաքականութեան, Հայաստան պիտի շարունակէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն հետ միացեալ ջանքեր ի գործ դնել՝ հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման նպատակով:

comments