Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան մասնակցած են Արցախի «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնի բացման

By Asbarez | Thursday, 03 September 2015

0903tumo

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> -  Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 2 Սեպտեմբերին՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 24րդ տարեդարձին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն եկած պաշտօնական պատուիրակութեան, արցախահայութեան եւ այլ հիւրերու հետ Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր երթով այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր: Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղած Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի եւ արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն վրայ:


Տօնական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ նախագահներ Սարգսեանն ու Սահակեանը ներկայ գտնուած են նաեւ Հայաստանի գիւղատնտեսական համալսարանի Շուշիի մասնաճիւղի նորակառոյց համալիրի բացման:


Շուշիի հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները այնուհետեւ այցելած են Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ քաղաքին մէջ կառուցուած Եզնիկ Մոզեանի անուան արհեստագործական ուսումնարան: 225 ուսանողի համար կառուցուած եռայարկ ուսումնական կեդրոնը՝ 4050 քմ. տարածքով, ունի հանրակրթական նիւթերու եւ արհեստներու ուսուցման համար անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւնները, որոնց կարգին՝ կահաւորուած դասարաններ, սարքաւորումներով ու համապատասխան կազմածներով օժտուած տարրալուծարաններ, արհեստանոցներ:


Ստեփանակերտի մէջ Սերժ Սարգսեանն ու Բակօ Սահակեանը մասնակցած են նաեւ <<ԹՈՒՄՕ>> ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի բացման։


Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին մէջ <<ԹՈՒՄՕ>>ի բացումը իրականութիւն դարձած է Սիմոնեան կրթական հիմնարկին եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համագործակցութեան շնորհիւ։ Շրջագայելով կեդրոնին մէջ՝ նախագահները ծանօթացած են կրթական այդ հաստատութեան պայմաններուն եւ ուսումնական ծրագիրին։


Ըստ պատասխանատուներուն՝ ծրագիրը հասանելի պիտի ըլլայ աւելի քան 500 ուսանողներու, որոնցմէ ամէն մէկը շաբաթական երկու օր <<ԹՈՒՄՕ>>ի մէջ պիտի հետեւի կեդրոնի ուսումնական չորս մարզերուն՝ գծանկարչութիւն, ժապաւէններու պատրաստութիւն, կայքերու մշակման եւ խաղերու ստեղծագործութեան հիմունքներ, ինչպէս նաեւ ձեռք պիտի ձգէ 21րդ դարու բնորոշ բազմաթիւ հմտութիւններ։

 


comments

Advertisement