Փոքրիկ զոհի մը լուսանկարը ցնցեց ամբողջ աշխարհը

By Asbarez | Friday, 04 September 2015

BODRUM/DHA: ISTANKOY'E GITMEK UZERE LASTIK BOTLA YOLA CIKAN BU KEZ ICINDE SURIYE UYRUKLU ALTI KISININ BULUNDUGU LASTIK BOT BATTI. BU OLAYDA; YASLARI 4-8 ARASINDA DEGISEN UCU COCUK VE BIRI KADIN OLMAK UZERE DORT KISI YASAMINI YITIRDI. OLEN COCUKLARDAN 3 YASINDAKI AYLAN KURDI  (FOTOGRAF: DHA - NILUFER DEMIR)

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> -  Սեպտեմբեր 2ին ամբողջ աշխարհը ցնցուեցաւ Պոտրումի ծովափերէն մէկուն վրայ նկարուած լուսանկարի մը հրատարակութեամբ։ Լուսանկարը ցոյց կու տար սուրիացի փոքրիկ մանուկ մը, որուն կեանքը վերջակէտ ունեցաւ օտար ափերու վրայ՝ ողբերգական վախճանով մը։ Միայն երեք տարեկան էր զոհը՝ Այլան Քուրտի, որ իր եղբօրը եւ ծնողներուն, ինչպէս նաեւ այլ գաղթականներու հետ փախուստ կու տար Սուրիոյ պատերազմէն, բայց դառն ճակատագիրը դաժան վերջ մը պատրաստած էր իրեն։ 12 սուրիացի գաղթականներ, որոնք կը փորձէին Պոտրումէն մակոյկներով երթալ դէպի Յունաստանի Քոս կղզին, միջազգային ջուրերու մէջ խեղդամահ եղան, երբ զիրենք փոխադրող երկու մակոյկները իրերայաջորդ կերպով ընկղմեցան ջուրին մէջ։ Գաղթականները ընդհանուր թիւով 17 էին, բայց անոնցմէ հինգը փրկուեցան։ Փոքրիկ Այլանի հնգամեայ եղբայրը, երկու ուրիշ երեխաներ եւ Այլանի մայրը մահացողներուն մէջ եղած են, իսկ հայրը փրկուած է։

comments

Advertisement