By Asbarez | Friday, 04 September 2015
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ - Կիրակի, Օգոստոս 30ին իր մահկանացուն կնքած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Եւնիկէ Աբօշեան-Սալիպեան, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի գործօն մասնակիցներէն մէկն էր եւ արդարութեան ու ճշմարտութեան ջատագով։ Ան 101 տարեկան էր։
Սալիպեան վերջին տարիներուն տարեցներու <<Արարատ Տան>> բնակիչներէն էր, որ Ցեղասպանութեան վերջին վերապրողներէն մէկը հանդիսանալու կողքին՝ գրեթէ մինչեւ իր մահը Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին մասնակից եղած էր՝ իր ընտանիքի պատմութիւնը սրամտօրէն եւ հաղորդակից կերպով կիսելով բոլորին հետ։
Եւնիկէ Սալիպեան ծնած էր Յունուար 1914ին, Այնթապ։
Անոր ընտանիքը Այնթապէն հեռացած հայ ընտանիքներու վերջիններէն մէկը եղած է, 1921ին, երբ Եւնիկէ 7 տարեկան էր: Ան Լիբանան ապրած է մինչեւ 1976, ապա Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է։
Անցեալ տարի տեղի ունեցած Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի <<Շօա>> հիմնարկի 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին, Եւնիկէ Սալիպեան մեծարուած էր աշխարհահռչակ բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկի եւ <<Շօա>> հիմնարկին կողմէ։
Անոր պատմութիւնը գրաւած էր շատերու ուշադրութիւնը, ներառեալ՝ յայտնի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքին, որ անցեալ տարի Սալիպեանի մասին յօդուած մը հրատարակած էր Լոնտոն հաստատուած <<Ինտիփենտըն>>չ թերթին մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը նշելու համար, Սալիպեան Հրէական Ողջակիզումը վերապրած Մալա Լանկոլզի հետ համահեղինակած էր յօդուած մը, որ միաժամանակ լոյս տեսաւ <<Ասպարէզ>>ի անգլերէն բաժինին եւ հրէական <<Ճուիշ Ճըրնըլ>>ի մէջ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ