ՄԱԿը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան վրայ ճնշումները

By Asbarez | Wednesday, 09 September 2015

U.N. High Commissioner for Human Rights Jordan's Zeid Raad al-Hussein speaks during a news conference at the European headquarters of the United Nations in Geneva, Switzerland, Thursday, Oct. 16, 2014. Zeid drew comparisons between the Ebola outbreak and the Islamic State group Thursday, labeling them

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - ՄԱԿի մարդկային իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Զէյտ Ռաատ Հիւսէյն դատապարտած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հանդէպ հալածանքները: <<Հակառակ այդ երկրի իշխանութիւններուն եւ նախագահին յղած իմ կրկնակի յորդորներուն, Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակեն ճնշել, հալածել եւ ահաբեկել լրագրողները, իրաւապաշտպանները եւ գործիչները>>, ըսած է յանձնակատարը, որ միաժամանակ կոչ ըրած է անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր անոնք, որոնք բանտարկուած են միայն խօսքի ազատութեան իրենց իրաւունքէն օգտուելու կամ այլ մարդոց իրաւունքները պաշտպանելու <<յանցանք>>ով: Ան նշած է, թէ յայտնի լրագրող Խատիճա Իսմայիլովայի դէմ արձակուած դատավճիռը անկախ ձայներու ճնշման վերջին վառ օրինակն է:


comments