Փութին կոչ կ՛ընէ՝ ծայրայեղականութեան դիմակայման համախմբում մը ստեղծելու

By Asbarez | Wednesday, 09 September 2015

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց ստեղծելու ծայրայեղականութեան դիմակայման միջազգային համախմբում մը՝ նշելով, որ այս նախաձեռնութեան մասին խօսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ: Ան յայտնեց, որ այդպիսի համախմբում մը ստեղծելու շուրջ խօսած է նաեւ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի եւ շարք մը այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ:


Փութին ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ մղած պատերազմին մէջ Սուրիոյ զինուորական աջակցութեան ցուցաբերումը պիտի շարունակուի:
Ինչ կը վերաբերի <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին իր սեփական ուժերով մասնակցութեան, ապա Փութին նշեց, թէ ատոր համար տակաւին շատ կանուխ է:

 


comments

Advertisement